2014-04-17 13:05:32

Աւագ Ուրբաթ` աւանդական դրամահաւաք ի նպաստ Սուրբ Երկրին։


Ապրիլ 17-ին, Աւագ Ուրբաթ օր, ըստ աւանդութեան դրամահաւաք կը կատարուի ի նապստ Սուրբ Երկրին։ Սոյն աւանդութիւնը սկիզբ առած է Հռոմի Քահանայապետներու կամքով, որպէսզի՝ աշխարհիս բոլոր քրիստոնեաներու եւ Սուրբ Երկրի վայրերուն միջեւ հաստատ կապ մը պահուի։
Աւագ ուրբաթ օր, ժողովրդապետութիւններուն մէջ կատարուած դրամահաւքի հասոյթը կը փոխանցուի ՝ ''սուրբ երկրի պահակութեան'' զայն տրամադրելու համար Սուրբ վայրերու պահպանումին եւ Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներու օգնութեան` որոնք Սուրբ Երկրի կենդանի քարերն են։







All the contents on this site are copyrighted ©.